2012-03-03 11:56:46

Ս. Աթոռը Կը Դատապարտէ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Նահատակութիւնը` Հարկաւոր է վեհանձնութեամբ օգնութեան հասնիլ Ս. Երկրի Եկեղեցւոյ առաքելութեան։


Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը, ամէն տարի, Աւագ Ուրբաթ օրուան առթիւ նամակ մը կ'ուղղէ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, հայցելով՝ անոնց օգնութիւնը Ս. Երկրի ու Արեւելքի Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։ Նամակը կը կրէ ստորագրութիւնը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Սանտրիին ու քարտուղար գերապայծառ Կիւրեղ Վազիլին։
Նամակը մասնաւորապէս կ'ընդգծէ քրիստոնեաներու կրած առօրեայ տառապանքն ու նահատակութիւնը այդ հողամասին մէջ։ Նամակը նաեւ կը թուէ քրիստոնեաներուն կարիքները` դպրոցները, դարմանատուները եւ բնակութիւնը, խնդրելով աշխարհի քրիստոնեաներէն առատաձեռնութեամբ օգնութեան հասնիլ, պահպանելու՝ Արեւելքի հոգեւոր ժառանգութիւնը։
Նշենք՝ որ ամէն տարի Ս. Երկրի ֆրանչիսքեան պահակները կը կազմակերպեն դրամահաւաք մը, որուն հասոյթը կը բաժնուի արեւելեան զանազան եկեղեցիներուն որոնք կը գտնուին Երուսաղէմ, Պաղեստին, Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս եւ Եգիպտոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.